Skip to Content

Ուրբաթ, 1 Յուլիս 2022

ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆԷՔ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ, ՁԵՌԱՄԲ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆԷՔ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ, ՁԵՌԱՄԲ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ուրբաթ, 1 Յուլիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 07:00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ կատարուեցաւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւն։

Այս առիթով մեծ թիւով ուխտաւորներ արդէն օրեր առաջ սկսած էին ժամանել Անթիլիասի Մայրավանք՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն։

Միւռոնօրհնէքի այս հոգեպարար արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վ. Մանուէլեանն ու Թեմէս Լիբանան մեկնած ուխտաւորները: Այս առիթով Հայրապետական ամպ հովանին բռնելու պատիւը ստացաւ նաեւ Քուէյթի Ազգային Վարչութեան ատենապետ Պր. Վարդան Նարինեան:

Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակէն, թէ աշխարհի տարբեր անկիւններէն բազմահազար հայորդիներ հոգեկան մեծ ցնծութեամբ հետեւեցան հայ եկեղեցւոյ կարեւորագոյն արարողութիւններէն մէկը հանդիսացող Միւռոնօրհնէքին:

Հինգշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2022
«Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ»Ի ԱՄԷՆԱՄԵԱՅ ՄՐՑԱՆԱԿԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ